1 Corinthians 1
1 Ես, Պօղոս, որ Աստուծոյ կամքով կոչուած եմ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը ըլլալու, եւ Սոսթենէս՝ մեր եղբայրը,
2 կը գրենք ձեզի՝ Կորնթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին, որ Քրիստոս Յիսուսով Աստուծոյ ընծայուած եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կոչուած էք, բոլոր անոնց հետ՝ որոնք ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կը պաշտեն իբրեւ իրենց եւ մեր Տէրը։
3 Թող Աստուած մեր Հայրը եւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։
4 Միշտ ձեզի համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս՝ այն շնորհքին համար, որ ձեզի տուաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, ըլլա՛յ
5 որովհետեւ ամէն բանի մէջ հարստացաք իրմով, ըլլա՛յ խօսքի առատութեամբ, ըլլա՛յ գիտութեան։
6 Այդպէս ալ, Քրիստոսի մասին մեր վկայութիւնը ամրօրէն հաստատուեցաւ ձեր մէջ,
7 եւ ոեւէ շնորհք չի պակսիր ձեզի, մինչ կը սպասէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յայտնուելուն։
8 Եւ Աստուած մինչեւ վերջ հաստատուն պիտի պահէ ձեզ, որպէսզի անմեղադրելի ըլլաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը։
9 Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի։
10 Եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի, որ բոլորդ միաբանիք, եւ պառակտումներ չըլլան ձեր մէջ. այլ միանաք եւ ըլլաք մէկ միտք, մէկ խորհուրդ։
11 Որովհետեւ, եղբայրնե՛ր, Քլոյիսի ընտանիքէն ոմանք ձեր մասին խօսած ատեն ինծի իմացուցին՝ թէ հակառակութիւններ կան ձեր մէջ։
12 Ըսեմ ինչ որ լսեցի։ Թէ՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր բան կ՚ըսէ։ Մին կ՚ըսէ՝ «Ես Պօղոսի կը հետեւիմ», միւսը՝ «Ես Ապողոսին կը հետեւիմ», երրորդ մը կ՚ըսէ՝ «Ես Կեփասին կը հետեւիմ», իսկ ուրիշ մը՝ թէ «Ես Քրիստոսի կը հետեւիմ»։
13 Միթէ Քրիստոս կողմերո՞ւ բաժնուած է։ Միթէ Պօղո՞ս խաչ բարձրացաւ ձեզի համար. կամ Պօղոսի անունո՞վ մկրտուեցաք։
14 Փառք Աստուծոյ որ ձեզմէ միայն Կրիսպոսն ու Գայիոսը մկրտեցի.
15 այնպէս որ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ըսել՝ թէ իմ անունովս մկրտուեցաք։
16 Նաեւ Ստեֆանասի ընտանիքը ես մկրտեցի։ Չեմ կարծեր որ ուրիշ մէկը մկրտած ըլլամ։
17 Որովհետեւ Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, այլ՝ աւետարանելու. եւ աւետարանելու՝ առանց խօսքի ճարտարութեան դիմելու, որպէսզի Քրիստոսի խաչելութեան մասին քարոզութիւնը իր ոյժէն չպարպուի։
18 Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա։
19 Արդարեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի խափանեմ, խելացիներուն խելքը պիտի կորսնցնեմ»։
20 Այն ատեն ո՞ւր պիտի մնան իմաստունները կամ ուսեալները եւ կամ այս աշխարհի հարցերը քննողները։ Չէ՞ որ Աստուած ցոյց տուաւ՝ թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է։
21 Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան։
22 Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ՚ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն,
23 մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար,
24 թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը։
25 Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային ոեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն։
26 Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց։ Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով։
27 Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար.
28 եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները։
29 Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ,
30 որովհետեւ Աստուած ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը,
31 որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»։